2014-11-24 11:35:41

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 24 նոյեմբերի քարոզը` ''Միշտ փնտռել այն լոյսը, որ կու գայ Տիրոջմէ''։


(Ռ.Վ. 24 նոյեմբեր 2014) Երկուշաբթի, 24 Նոյեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ մատուցած Ս. Պատարագի քարոզին մէջ խորհրդածելով օրուան Ղուկասի Աւետարանի ընթերցուածի ''այրի կնոջ լումայի դրուագը'' (Ղուկ. ԻԱ. 1-4), ըսաւ՝ այրի կնոջ դէմքին մէջ կը հաճիմ տեսնել Եկեղեցւոյ պատկերը, որ որոշ չափով այրի է՝ որովհետեւ կը սպասէ իր Փեսային։ Սակայն՝ Եկեղեցւոյ Փեսան Ս. Հաղորդութեան մէջ, Աստուծոյ խօսքին մէջ, աղքատներուն մէջ է։ Այդ այրի կինը շատ պարզ անձնաւորութիւն մըն էր, ոչինչ ունէր՝ ոչ տիտղոսներ ոչ ստացուածքներ։ Ահա ասոր համար է որ կ'ուզեմ Եկեղեցին տեսնել այդ կնոջ պատկերին մէջ։ Եկեղեցւոյ մեծագոյն առաքինութիւնն է՝ փայլիլ այն լոյսով, որ կու գայ իր Փեսայէն՝ Քրիստոսէ։
Բոլոր ծառայութիւնները, որ կը մատուցանենք Եկեղցւոյ մէջ, նպատակ ունին այդ լոյսը ստանալու. եւ ծառայութիւն մը առանց այդ լոյսին՝ դատարկ է։
Երբ եկեղեցին համեստ է, աղքատ, կ'ընդունի իր խեղճութիւնը եւ կ'ակնկալէ լոյսը Քրիստոսէ, այն ժամանակ արժանահաւատ է։ Նուիրենք, այն ինչ որ ունինք՝ Տիրոջ եւ ընկերին, ըլլալով համեստ եւ միշտ փնտռելով այն լոյսը, որ կու գայ Տիրոջմէ։







All the contents on this site are copyrighted ©.